Հարցազրոյց. «Ազատութեան գոյները»՝ առ ի գնահատանք Հայաստանի ժողովուրդին
Անի Զէյթունցեան
Ռատիօլուր
Ազատութեան Գոյները հաւաքական ցուցահանդէսի մասնակիցներ՝ Վաչէ Տեմիրճեանը, Լորան Նիսու-Պոյաճեանը և Տիպար Աբարդեանը ներկայացուցին իրենց նկարչական գործերուն ընդմէջէն, իրենց շնորհակալական արտայատութիւնը Հայաստանի ժողովուրդին, Թաւշեայ Յեղափոխութեան համար։
Գոյները իւրաքանչիւրին քով տարբեր էր, սակայն բոլորին քով յատկանշական էր ուրախ ու փայլուն գոյները։ Դեռ զրոյցս հազիւ սկսած՝ ֆրանսախօս Լորանը, որ մօր կողմէն հայ էր, փսփսաց, որ իր ազգանունին աւելցնեմ Պայաճեան մօր մականունը, արդէն գլուխ բարձրացուցած էր իր մէջ հայու արիւնը։
Վաչէն լիբանանցի ըլլալուն շատ լաւ հայերէն կը խօսէր նոյնպէս բացառիկ անուան տէր՝ Հալէպի ծնունդ, Տիպար Աբարդեանը:
Տիպարը դեռ տարիներ առաջ այստեղ՝ Հայաստանի մէջ, ուսանած էր, ու երբ հարցուցի, թէ այսքան տարի կտրուածքով ի՞նչ փոխուած էր Հայաստանի մէջ, ան արագօրէն պատասխանեց՝ «Առաջ մոխրագոյն էր, հիմա՝ նարնջագույն»։
Անոր ներշնչումի աղբիւը Հայաստանի ժողովուրդն էր, իր եռանդով իր հաւատքով.
«Գործերս կը ներշնչուիմ ժողովուրդի իրական կեանքէն, հայ ժողովուրդի նոր եռանդը տեսնելով՝ կը զգացուի այն եռանդը, ինչ որ արդէն խամրած է եվրոպայի մէջ, այդ եռանդը նոյնիսկ Ֆրանսայի մէջ չկայ»,- ըսաւ արուեստագէտը։
«Diasporart» Փարիզի կազմակերպութեան հիմնադիր՝ Վաչէ Տեմիրճեանը բացատրեց, որ իրենք ցուցահանդէսներու միջոցով կամուրջներ կը նետեն դէպի Հայաստան՝ ներգրաւելով նոյնիսկ օտար արուեստագէտները, որոնք մօտիկ են հայ ժողովուրդի մշակոյթին կամ Հայաստանին, և օրինակ տուաւ երկու նկարիչ ֆրանսուհիները, որ նոյնպէս եկած էին Հայաստան։
Ռոլան Նիսու Պոյաճեանը ինքզինք 100 տոկոսով հայ կը զգայ, ինչպէս նաև ֆրանսացի: Ան նկատած է, որ Հայաստանի երիտասարդութիւնը կ՛ուզէ մտնել կառավարութեան շարժման մէջ և ղեկավարել երկիրը։
Ռոլան նաև վկայեց թէ՝ «Հայերը շատ լաւ արուեստագէտներ եղած են, պէտք է օգնենք, որ աւելի յառաջ երթանք»։
Վաչէն և Լորանը պատմեցին, թէ կամաւոր կերպով Լոռիի մարզի Դեբետի երեխաներուն համար յատուկ գծագրութեան և գոյներու արուեստի դասընթացք տուած են COAF smart կեդրոնին մէջ։
Հանրային ձայնասփիւռի մեր հիւրերը նկատած էին Հայաստանի ժողովուրդի փափաքը աշխատելու և լաւատեսութեամբ դիմաւորելու գալիք օրերը։ Պարզապէս ցտեսութիւն ըսին և յայտնեցին, որ ցուցահանդէսը առ ի շնորհակալութիւն է Հայաստանի ժողովուրդին։